image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Ինչպէս Վատնուած Են Ֆրանսահայերու Յատկացուած Միլիոնները

Խմբագրական «Մասիս»ի. Ինչպէս Վատնուած Են Ֆրանսահայերու Յատկացուած Միլիոնները

 Շատերու համար մեծ անակնկալ էր Մարտ 23-ին, «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթի կայքին վրայ տեսնել լայնածաւալ յօդուած մը, որ կ՛անդրադառնար ֆրանսական AXA ապահովագրական ընկերութեան կողմէ ֆրանսահայութեան յատկացուած 17.5 տոլար գումարի մսխումին եւ որոշ պարագաներուն իւրացումին մասին՝ Հայ փաստաբաններուն եւ անոնց հետ առնչուող այլ անհատներուն կողմէ:

Հետաքննող լրագրողներ՝ Հէրրիէթ Ռայնի եւ Մէթ Հէմիլթընի ստորագրութեամբ լոյս տեսած յօդուածը կը կրէ « «Արեան Գումարի» դաւաճանութիւնը. Ինչպէս փտածութիւնը խանգարեց Ցեղասպանութեան Հայ զոհերու հատուցումը» խորագիրը: 

Յօդուածագիրները, որոնք նախկին իրենց հետաքննութիւններուն համար արժանացած են Ամերիկեան լրագրութեան մէջ ամենէն բարձր՝ «Փուլիթցըր» մրցանակին, նախ կը պատմեն Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ենթարկուած ճակատագրի մասին եւ ապա կը խօսին 2000 թուականի կէսերուն Ամերիկեան «Նիւ Եորք Լայֆ» եւ Ֆրանսական AXA ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ Քալիֆորնիոյ մէջ բացուած դատերուն, որոնք կը պահանջէին հատուցում տալ այս երկու ընկերութիւններուն մօտ ապահովագրուած եւ ապա Ցեղասպանութեան զոհ դարձած Հայերու ժառանգորդներուն:

Փաստաբաններ՝ Վարդգէս Եղիայեան, Մարք Կիրակոս եւ Պրայըն Քափաթէք յաջողած են համաձայնութեան գալ այդ երկու ընկերութիւններուն հետ, անոնցմէ ապահովելով 37.5 միլիոն տոլարի հատուցում: Յօդուածագիրները կը հաստատեն որ, «Նիւ Եորք Լայֆ» ընկերութեան կողմէ յատկացուած 20 միլիոն տոլարը ճիշդ ձեւով բաշխուած է ժողովուրդին: Սակայն երբ հերթը եկած է Ֆրանսական ընկերութեան 17.5 միլիոն տոլար գումարին, որ պէտք էր յատկացուէր ֆրանսահայ անհատներու եւ բարեսիրական հաստատութիւններու, տեղի ունեցած է մեծ գումարներու կորուստ: Այլեւայլ պատճառներով մերժուած են Ֆրանսահայերու դիմումներու 92 տոկոսը, ապա կեղծ փաստաթուղթեր կազմելով մեծ գումարներ փոխանցուած են անհատական հաշիւներու մէջ եւ կամ տրուած են հաստատութիւններու, որոնք իրաւունք չունէին ստանալու այդ գումարները: Յօդուածին կցուած են բազմաթիւ կեղծ փաստաթուղթեր, որոնք կազմուած են փաստաբաններուն կողմէ՝ ծածկելու համար իրենց հակաօրինական արարքները: 

ֆրանսահայերէ կազմուած յանձնախումբը, որ լիազօրուած էր վերահսկելու գումարներու բաշխումին, չէ կարողացած կատարել իր պարտականութիւնը՝ փաստաբաններուն կողմէ, այլեւայլ պատրուակներով մերժումի արժանանալու հետեւանքով: Միացեալ Նահանգներու շրջանային դատաւոր Քրիսթինա Սնայտըր, որուն ուսերուն կ՛իյնար գումարներու ճշգրիտ բաշխումին հսկելու պարտականութիւնը, ան եւս թերացած է՝ մերժելով Ֆրանսահայերու յանձնախումբի բազմաթիւ դիմումները: Քալիֆորնիոյ Փաստաբաններու Պալատին եւ FBI-ին ներկայացուած բողոքները եւս արդիւնք չեն տուած ու այսպիսով մինչեւ օրս ոչ մէկը պատասխանատուութեան կանչուած է եւ հաւանաբար ալ, այսուհետեւ եւս մեղաւորները մնան անպատիժ, նկատի ունենալով որ, արդէն իսկ անցած է վաղեմութեան ժամկէտը՝ որ ընդհանրապէս տասը տարի է:

«Լոս Անճելըս Թայմզի» հրապարակումը ոչ միայն անարդարութիւն է զոհերու ժառանգորդներուն, այլ եւ վիրաւորանք՝ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Հայութեան իրաւունքներուն տէր կանգնելու համար սկսած գործը, ժամանակի ընթացքին դժբախտաբար շեղած է իր նպատակէն եւ անհատներ իրենց արարքներով այսօր կը վարկաբեկեն ոչ միայն իրենց անունը, այլ հայութեան արժանապատուութիւնը:

«Լոս Անճելըս Թայմզի» ուսումնասիրութիւնը զգաստութեան հրաւէր է նաեւ մեր ազգային կեանքի բոլոր դերակատարներուն՝ խղճամտօրէն կատարելու իրենց վստահուած պարտականութիւնը, յատկապէս արդի ժամանակաշրջանին երբ ոչինչ կարելի է գաղտնի պահել եւ ամէն ինչ ի յայտ կու գայ՝ ուշ թէ կանուխ:

********

Յ.Գ. Յօդուածին մէջ յիշուած բոլոր անունները հերքած են իրենց հասցէին եղած մեղադրանքները ու մենք ստիպուած ենք յարգելու իւրաքանչիւրի անմեղութեան կանխավարկածը: 

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ»

 

Los Angeles Times-ի յօդուածին ծանօթանալու համար սեղմել այստեղ՝ https://www.latimes.com/california/story/2022-03-23/fraud-los-angeles-cheated-armenian-genocide-victims