Ատրպէյճանի զինուած ուժերու դիպուկահարի կողմէ ՀՀ Զինուած ուժերու զինծառայող մահացու վիրաւորում ստացած է: Այս մասին X-ի իր էջին գրած է յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեանը՝ աւելցնելով, որ խաղաղութեան ատրպէյճանական ընկալումը փոքր-ինչ կը տարբերի խաղաղութեան գործընթացի մեր ընկալումէն։
«Խաղաղութեան գործընթացում ներգրաւուած բոլոր միջազգային գործընկերները պէտք է միանշանակ դատապարտեն բանակցութիւններից խուսափելու եւ սահմանին նոր սպանութիւններ նախաձեռնելու Ադրբեջանի վերջին գործողութիւնները, ինչը խաթարում է խաղաղութեան ամբողջ գործընթացը», - գրած է Մարուքեանը։
Յիշեցնենք, որ դեկտեմբեր 4-ին, ժամը 14։35-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակ բացած է Բարձրունիի (Վայոց ձորի մարզ) հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով հրազէնային մահացու վիրաւորում ստացած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի զինծառայող Գերասիմ Աւետիքի Առաքելեանը։