Խաղաղութեան պայմանագրին մէջ 2 չհամաձայնեցուած յօդուածներու շուրջ Հայաստանի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին։ Այս մասին, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը:
Անոր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով պարբերաբար հանդիպումներ կը կայանան, այս գործընթացը պիտի շարունակուի նաեւ այս տարի, սակայն յաջորդ հանդիպման օրը դեռ որոշուած չէ։