image

Խաղաղութեան պայմանագրին հասնելու համար երկար ժամանակ չի պահանջուիր, բայց երաշխիքներ պէտք են․ Ալիեւ

Խաղաղութեան պայմանագրին հասնելու համար երկար ժամանակ չի պահանջուիր, բայց երաշխիքներ պէտք են․ Ալիեւ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կարծիքով խաղաղութեան պայմանագրին հասնելու համար երկար ժամանակ չի պահանջուիր։

«Խաղաղութեան պայմանագրի հարցով կողմերու միջեւ դեռ չկայ համաձայնութիւն։ Շատ հարցեր, որ ի սկզբանէ կը դնէր հայկական կողմը, այլեւս չկան, դուրս եկած են։ Չեմ ուզեր մանրամասնել, քանի որ այն խորհրդապահական փաստաթուղթ է, սակայն խաղաղութեան պայմանագրին հասնելու համար երկար ժամանակ չի պահանջուիր»,- դեկտեմբեր 6-ին Ատրպէյճանի դիւանագիտական ակադեմիային մէջ Ղարաբաղի թեմայով կայացած համաժողովի ժամանակ յայտարարած է Ալիեւ։

Ըստ Ալիեւի՝ փաստաթուղթի աշխատանքային տարբերակը շատ ծաւալուն չէ եւ բաղկացած է առաւելագոյնը 6-7 էջէ։

Ատրպէյճանի նախագահը միեւնոյն ժամանակ նշած է՝ զուտ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելը բաւարար չէ, անհրաժեշտ են երաշխիքներ, որ «չեն ըլլար հայկական վրէժխնդրական փորձեր»։

«Իրականութեան մէջ խաղաղութեան պայմանագիրը [դեռ] ամբողջովին չի նշանակեր խաղաղութիւն։ Շատ երկիրներ կան, որոնք ունին իրար հետ ստորագրած պայմանագիր, սակայն ատոնք կը խախտուին։ Չենք ուզեր, որ այն ձեւական ըլլայ։ Մեզի պէտք են երաշխիքներ, որ չեն ըլլար հայկական վրէժխնդրական փորձեր, քանի որ կը հետեւինք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, եւ թէ ինչ սադրիչ խորհուրդներ կու տան որոշ եւրոպական մայրաքաղաքներ։ Հայկական կողմը պէտք է մոռնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասին եւ կառուցողական ըլլայ սահմաններու սահմանազատման հարցերուն վերաբերեալ»,-ըսած է ան։

Ալիեւ բողոքած է, որ հայկական կողմը խաղաղութեան պայմանագրի ատրպէյճանական առաջարկներուն պատասխանած է 70 օր ուշացումով։

Հայկական կողմը յայտարարած է, որ սեպտեմբերին ուղարկուած ատրպէյճանական առաջարկներուն պատասխանած է նոյեմբեր ամսուն, քանի որ այդ ընթացքին՝ սեպտեմբեր 19-20-ին, Ատրպէյճանն Արցախի մէջ յարձակում եւ էթնիք զտում իրականացուցած է։