Հակառակ, որ Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական բեռերով բեռնատարերու շարասիւնի ուղարկումը համաձայնեցուած չէ եղած Ատրպէյճանի հետ, այնուամենայնիւ, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը միացած է հանգուցալուծումներու որոնման աշխուժ գործընթացին եւ մշտական կապ կը հաստատէ երկու կողմի հետ, ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
«Այս լոյսին տակ ռուս խաղաղապահներու հասցէին որեւէ մեղադրանք անարդիւնաւէտ կը համարենք... Կապեր հաստատուած են, եւ, կը կարծեմ, ատոնք կու տան իրենց արդիւնքները»,-ըսած է ան։
Բացի այդ, Զախարովան կրկին կոչ ըրած է անյապաղ ապաարգելափակելու Լաչինի միջանցքը եւ ապահովելու տեղի բնակչութեան կենսագործունեութեան համար նորմալ պայմանները:
«Ի հարկէ, շատ բան կախուած է քաղաքական կամքէն, փոխզիջումային քայլերու երթալու պատրաստակամութենէն: Այս պարագային լարուածութիւնը կրնայ թուլանալ: Ատոր համար մենք երկու կողմի հետ կ'աշխատինք»,-ըսած է ան։