image

«Կավկազ» նաւահանգիստի խորտակուած լաստանաւուն վրայ հայկական բեռեր չեն եղած

«Կավկազ» նաւահանգիստի խորտակուած լաստանաւուն վրայ հայկական բեռեր չեն եղած

Ռուսական «Կավկազ» նաւահանգիստի հրթիռային գրոհի հետեւանքով խորտակուած լաստանաւուն վրայ հայկական ծագման կամ Հայաստանի համար նախատեսուած բեռեր չեն եղած: Այս մասին  յայտնած է «Արմէնփրես»՝ ՀՀ Տնտեսական նախարարութեան յղումով:

Գերատեսչութենէն նշած են նաեւ, որ ռուսական լաստանաւուն կործանումը որեւէ կերպ չ'անդրադառնար Հայաստանի տնտեսութեան վրայ:

Յիշեցնենք, որ ռուսական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ 22 օգոստոսի ցերեկը ուքրանական զինուժը Storm Shadow թեւաւոր հրթիռով հարուածած է Ռուսիոյ Քրասնոտարի երկրամասը գործող «Կավկազ» նաւահանգիստը, ուր այնտեղ գտնուող «Աքուաթրեյտըր» լաստանաւը բռնկած է ու կարճ ժամանակ անց խորտակուած: Այն կը տեղափոխէր 30 տակառ վառելիք: Բռնկուած հրդեհին մէջ յայտնուած է մօտ 500 քառակուսի մեթր տարածք: Նաւահանգիստը կրած է զգալի վնաս:

Ռուսիոյ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը յայտնած է լաստանաւու անձնակազմի 17 անդամներու փրկուելու մասին: Վերջին տեղեկութիւններով՝ 1 մարդու գտնուելու վայրը դեռ անյայտ է: