image

Կարող ենք մի քանի ամիսէն Խրիմը վերադարձնել. Ուքրան գործիչ

Կարող ենք մի քանի ամիսէն Խրիմը վերադարձնել. Ուքրան գործիչ

Ուքրանիան կրնայ 5-7 ամիսէն վերադարձնել Խրիմը, բայց միեւնոյն ժամանակ, պատերազմը պիտի տեւէ այնքան, քանի դեռ Ուքրանիոյ ամբողջ տարածքը չէ ազատագրուած: Այս մասին, ինչպէս յայտնածէ «RBC-Ukraine»-ն, ըսած է երկրի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Միխայիլ Փոտոլեաքը։

«Մենք միանշանակ, շատ կարճ ժամանակի մէջ, պատմական տեսանկիւնէ 5, 6, 7 ամիսը շատ քիչ է, մենք կը հասնինք Խրիմ, թերեւս սա չափազանց լաւատեսական է, բայց սա լաւատեսութիւն է, որ չափագիտօրէն ստուգուած է»,- վստահեցուցած է Փոտոլեաքը։

Անոր խօսքով՝ Ռուսիան չունի բաւարար միջոցներ՝ իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու համար։

«Պատերազմի տրամաբանութիւնը բացարձակապէս ակնյայտ է, եւ մենք միանշանակ կրնանք խօսիլ Խրիմի իրողութիւններու մասին Եալթայի ափին», - աւելցուցած է ան:

Միաժամանակ ան ընդգծած է, որ Խրիմի՝ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ առանձին բռնագրաւուած տարածքի համար պատերազմ պիտի չըլլայ, այլ «պիտի ըլլայ պատերազմ ժողովրդավարական աշխարհի գոյութեան իրաւունքի համար»։

«Սա պատերազմ չէ տարածքի համար, տարածքը միայն տարրերէն մէկն է: Այսօր պատերազմ է քաղաքակիրթ աշխարհի գոյութեան իրաւունքի համար: Եւ այս քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ Ռուսիոյ համար այս տեսքով տեղ չկայ: Եւ հետեւաբար, ի հարկէ, պատերազմը պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ, քանի դեռ չէ ազատագրուած Ուքրանիոյ ամբողջ տարածքը», - յայտարարած է Փոտոլեաքը։