image
Հրատապ լուրեր:

Կարօ Պէսնիլեանի անժամանակ մահը

 Կարօ Պէսնիլեանի անժամանակ մահը

Օրերս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ամերիկահայ երիտասարդ Կարօ Պէսնիլեան։

Լիբանան ծնած Պէսնիլեան  (48  տարեկան)  իր շրջանակին մէջ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն էր։ 

Ան ունէր մարզական հետաքրքրութիւններ եւ որպէս մարզիկ ալ հանդէս կու գար ամերիկեան խումբերէ։ 

Վերջին ժամանակներուն ծանր հիւանդութիւնէ բռնուելով Կարօ վճռական պայքար մղած էր, եւ սակայն ճակագարի սեւ խաղերուն զոհ դառնալով իր աչքերը յաւերժին կը փակէր օրեր առաջ։ 

 «Կարօն մեր ընտանիքի աստղը եւ մեր մեծ սէրը, իր աչքերը կը փակէր շրջապատուած սիրելիներով եւ հարազատներով եւ ամբողջական խաղաղութեան մէջ». Այսպէս կը գրէր Կարոյի վշտահար մայրիկը՝ Սեդա Պաքքաշ- Պէսնիլեանը։

Խորապէս կը ցաւակցինք։