Հարաւային Կովկասի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը կարեւորած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումը: Ան գրառում ըրած է X ընկերային ցանցի մէջ:
«Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ կապերու վերականգնումը կարեւոր տարրեր են աւելի կայուն եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի համար»,- գրած է Քլաարը: