ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած աւելի քան 4 հազար 100 մարդ կ'ապրի Արագածոտնի մարզ: Գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու ներկայացուցիչները հանդիպած են անոնց հետ, պատասխանած յուզող հարցերուն, ներկայացուցած կառավարութեան աջակցութեան ծրագիրները:
Այս մասին յայտնած են Կառավարութենէն։
Կառավարութեան անդամներու եւ ԱԺ պատգամաւորներու մարզային այցերը պիտի ըլլան շարունակական: