Ռուսիա Հայաստանին, Ղազախստանին, Ուզպեքստանին եւ Թուրքմենստանին յանձնած է կապիկի ծաղիկի յայտնաբերման քննութեան համակարգերը: Այս մասին յայտնած է Սպառողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդու բարեկեցութեան ոլորտի մէջ վերահսկողութեան Ռուսիոյ դաշնային ծառայութեան (Ռոսպոտրեբնադզոր) մամուլի ծառայութիւնը։
Աւելի վաղ գերատեսչութիւնը յայտնած էր, որ «Վեքթոր» կեդրոնը արտադրած է թեստային համակարգեր՝ հիւանդութեան դէպքերը յայտնաբերելու համար, այսօր քննութիւնը հասանելի է ամբողջ Ռուսաստանի մէջ:
«Սպառողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդու բարեկեցութեան ոլորտի մէջ վերահսկողութեան Ռուսիոյ դաշնային ծառայութեան (Ռոսպոտրեբնադզոր) կողմէ ռուսական թեստային համակարգերը փոխանցուած են Հայաստան, Ղազախստան, Ուզպեքստան եւ Թուրքմենստան: Բացի այդ, «Ռոսպոտրեբնադզոր»ի մասնագէտները կը կազմակերպեն յատուկ սեմինարներ գործընկեր երկիրներու գործընկերներու համար կապիկի ծաղիկի ախտորոշման վերաբերեալ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։