image

Կան տեղեկութիւններ, որ Սաակաշվիլի դուստր մը ունեցած է ուքրան պատգամաւորուհիէն

Կան տեղեկութիւններ, որ Սաակաշվիլի դուստր մը ունեցած է ուքրան պատգամաւորուհիէն

Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սաակաշվիլին եւ Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատայի պատգամաւոր Ելիզավեթա Եասքոն կէս տարի առաջ դուստր ունեցած են։ Երեխայի ծնունդը հաստատած է քաղաքական գործչի եղբայրը՝ Դաւիթ Սաակաշվիլին, կը հաղորդէ «Страна.ua»-ն։

«Այո, այդ Միխայիլի երեխան է։ Աղջիկը ծնաւ մօտ վեց ամիս առաջ: Ես տեսած եմ զինք։ Միխայիլը չէ տեսած երեխան»,-պատմած է ան։

Աւելի վաղ Եասքոն յայտնած է, որ երեխայ ունեցած է։ «Երբեք չէի կրնար պատկերացնել, որ երեխայի հայրը ազատութեան մէջ չըլլար այս կարեւոր պահերուն, երբ մենք կը նախատեսէինք միասին ըլլալ»,-գրած է ան ընկերային ցանցի էջին։