Ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝
Այս տողերս Ռուբէնի հայեացքներու եւ քաղաքական արեւելումի պաշտպանութիւնը չեն, այլ երկու տողեր՝ հայու մը պաշտպանութեան օգտին որ այս պահուս թշնամիի բռնակալութեան տակ է։
Պէտք է գոյութիւն ունենայ տեղ մը, տրամաբանական սահման մը ուր ազգի շահերը իրենց ամենէ պարզ վիճակին մէջ կը ներկայանան, եւ ուր ներքաղաքական «կողմ»ի խնդիրներ չկան։
Գէթ ինծի համար այդպէս է, եւ կը յուսամ որ այդպէս ըլլայ իւրաքանչիւր ազգասէր հայու համար։
Ինչպէս շատերդ տեղեակ էք արդէն, այսօր Ատրպէյճանական բռնակալութիւնը ձերբակալած է Ռուբէն Վարդանյանը։ Այս մասին շատ բան ըսուած է, կ՚ըսուի, ու պիտի ըսուի, հազար վարկածներ ու կասկածանք արդէն տարածուած են ու կը տարածուին։
Բոլոր վերլուծութիւնները մէկ կողմ, բոլոր քաղաքական մտքի թռիչքները յարգելի ըլլալով հանդերձ, կ՚ուզեմ բոլորս մէկ բան հասկնանք։ Ռուբէն Վարդանյանը նիւթական մեծ կարողականութեան տէր հայ մըն է, որ ի տարբերութիւն շատ ու շատ նմանօրինակ կարողութիւններ ունեցող «հայ»երու որոնք կեանքի պերճանքի մէջ լողացին, ու եւրոպական քաղաքներ ու ծովափներ վայելելով ապրեցան՝ շատ յաճախ իրենց հայու խիղճերուն վրայ քար դնելով, Ռուբէնը վերադարձաւ Հայաստան ու իր միջոցները կեդրոնացուց ԻՐ ՃԱՇԱԿԻ համաձայն, կամ ԻՐԵՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՀԱՅԵԱՑՔՆԵՐՈՎ նպաստելու հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն, եւ Հայաստանի ու Արցախի տնտեսութիւններու ցարգացման։ Վերջին երկու տասնամեակներուն, ան իր ժամանակը, իր կարողութիւնները, իր ընտանեկան ու բարեկամական կապերը ի սպաս դրաւ Հայաստանի եւ հայութեան բարօրութեան ի խնդիր։ Ըսել կ՚ուզեմ, թէ Ռուբէնի ծառայական գործունէութիւնը սկիզբ չ՚առաւ երկու տարի առաջ իր Արցախ տեղափոխուելով, կամ այնտեղ զարգացուցած իր գործունէութեամբ։ Նաեւ, որ իր հարստութիւնն ու կենցաղային պայմանները այնպիսին էին, որ ան բաձարցակապէս կարիքը չունէր իր անձը ներքաշելու թոհուբոհերու մէջ, կամ կարիքը չունէր ոեւէ մէկուն հաճոյանալու։
Հետեւաբար, երբ կ՚արտայայտուիք մարդու մը մասին որ ոսոխին կողմէ ձեռբակալուած է, չնայած թէ ինչպիսի կասկածամտութեան թռիչքներ կրնաք ունենալ կամ ձեր մէջ որքան ատելութիւն կրնաք կուտակել, ջանացէք ՄԱՐԴ ըլլալ, ու առնուազն կարեկցանք ցուցաբերել հայու մը եւ իր ընտանիքին նկատմամբ, որուն քաղաքական հայեացքները կրնաք չբաժնել, բայց որուն ծառայական եւ բարեսիրական գործունէութեան հանդէպ ալ կարելի չէ կոյր ըլլալ։ Աւելին, այն պահուն որ մեր թշնամին է զինք կալանաւորողը, հոն արդէն ԲՈԼՈՐ քաղաքական-գաղափարական տարբերութիւնները երկրորդական են։