Իտալիան խիստ մտահոգուած է Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններու կողմէ մաքարոնեղէնի ներմուծման վրայ սահմանուած լրացուցիչ հակավաճառամարտի մաքսատուրքով: Այս մասին յայտարարած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, հաղորդած է gazeta.ru։
Արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն նշած են, որ նոր մաքսատուրքերու պատճառով Միացեալ Նահանգներու իտալական մաքարոնեղէնի գիները գրեթէ կրկնակի պիտի բարձրանան:
Այս կապակցութեամբ Հռոմը սերտօրէն կը համագործակցի Եւրոպական յանձնաժողովին հետ՝ Ուաշինկթընի վրայ ճնշում գործադրելու համար։