image

Իտալիա. Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝ յուշակոթող (Լուսանկար)

Իտալիա. Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝  յուշակոթող (Լուսանկար)

Օրերս, Իտալիոյ Գոզենցա քաղաքի Գափելլօ պատմական հրապարակին վրայ տեղադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշատախտակ։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզ հրապարակուող «Նոր Յառաջ»էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Մայիս 9ին, Իտալիոյ Գոզենցա քաղաքի Գափելլօ պատմական հրապարակին վրայ, քաղաքապետարանին կողմէ տեղադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշատախտակը։ Արարողութեան ներկայ եղած եւ ելոյթներ ունեցած են Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, քաղաքապետ Ֆրանց Գառուզօ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Թեհմինա Արշակեան։

Համբարձումեան ընդգծած է յիշողութեան նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը՝ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները կանխելու առումով եւ շնորհակալութիւն յայտնած քաղաքապետին եւ Գոզենցայի համայնքին՝ իրենց աջակցութեան համար։