image

Իսրայէլը ԱՄՆ-ին տեղեկացուցած է, որ չուզեր թրքական զօրքեր տեսնել Կազայի մէջ. Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար

Իսրայէլը ԱՄՆ-ին տեղեկացուցած է, որ չուզեր թրքական զօրքեր տեսնել Կազայի մէջ. Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար

Իսրայելը Միացեալ Նահանգներուն տեղեկացուցած է, որ չուզեր թրքական զօրքեր տեսնել Կազայի մէջ, ըսած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաարը հունգարացի գործընկեր Փեթեր Սիյարթոյի հետ մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

«Զինուորական ուժեր ուղարկել ցանկացող երկիրները պէտք է արդար ըլլան Իսրայէլի նկատմամբ։ Անոնք պէտք չէ թշնամանք ցուցաբերեն մեր երկրի նկատմամբ։ Էրտողանի ղեկավարութեամբ Թուրքիան թշնամական դիրքորոշում կ՚ընդունի ոչ միայն հռետորաբանութեամբ, այլեւ դիւանագիտական ​​եւ տնտեսական գործողութիւններով։ Հետեւաբար, անոնց զօրքերուն Կազա մուտք գործել թոյլ տալը անխոհեմ է, եւ մենք այդ մասին յայտնած ենք մեր ամերիկացի ընկերներուն», -ըսած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը։

Նշենք, որ Հունգարիա կատարած այցի ընթացքին Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար Պուտափեշթի «Փուշքաշ Արենա» մարզադաշտին մէջ հանդիպած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար
Փեթեր Սիյարթոյի հետ։

Սաարը եւ Սիյարթոն անձնական հանդիպում ունեցած են, որուն յաջորդած է անոնց պատուիրակութիւններու ընդլայնուած աշխատանքային հանդիպումը, որուն յաջորդած է համատեղ մամուլի ասուլիսը։