Իսրայէլի բանակը յայտարարած է, որ որոնողափրկարարական աշխատանքներ կ՚ընթանան Թել Աւիւի մէջ՝ հրթիռային հարուածի վայրին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ The Associated Press գործակալութիւնը։
Իսրայէլի ոստիկանութենէն յայտարարած են, որ Թել Աւիւի կեդրոնին մէջ իրանական մարտագլխիկ ինկած է՝ 100 քկ պայթուցիկով։
Վնասուած են տուներ եւ ինքնաշարժներ։ Տուժածներ չկան։
Աւելի վաղ Իրանը յայտարարած էր, որ հարուածներ հասցուցած է Իսրայէլի Տիմոնա եւ Էյլաթ քաղաքներուն։