Ատրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարար Մատաթ Կուլիեւ Ապու Տապիի մէջ, Միջազգային պաշտպանական ցուցահանդէսի եւ IDEX-2023 համաժողովի շրջածիրէն ներս, հանդիպած է իսրայէլեան Aeronautics ընկերութեան տնօրէն Մոշէ Էլազարի հետ։ Այս մասին տեղեկացուցած է «Ինթըրֆաքս-Ատրպէյճան»-ը։
Տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում անօդաչու թռչող սարքերու համատեղ արտադրութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման վերաբերեալ։