Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը ողջունած է Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի Պետութեան ճանաչումը այդ որակելով կարեւոր քայլ, որ կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին եւ ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն:
Կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է աշխարհի բոլոր երկիրներուն, որոնք դեռ չեն ճանչցած Պաղեստինի Պետութիւնը, ճանչնալու այն եւ աջակցելու ՄԱԿ-ին լիիրաւ անդամակցութեան անոր իրաւունքին: