Համաշխարհային տնտեսական աշխարհի ծանօթ դէմքերէն եւ ՌԱԿի շրջանակներու ղեկավարներէն Իրմա Հելեն Տէր Ստեփանեան աւանդեց հոգին Մայիս 26ին Նիւ Ճըրզիի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Ան տարիներով որպէս գլխաւոր պատասխանատու միջազգային յարաբերութիւններու աշխատեցաւ Նիւ Եորքի BNP Parisbas դրամատան մէջ:
Ան ծնած էր Դամասկոս Յունիս 10, 1936ին եւ անդրանիկ զաւակն էր ՌԱԿի առաջնորդող ղեկավարներէն Տէր եւ Տիկին Միհրան եւ Ալիս Տէր Ստեփանեաններու: Միհրան ծանօթ է նաեւ որպէս գրող ու լրագրող` Տէօրթ Եոլէն Դամասկոս ժամանած: Տէր Ստեփանեան ընտանիքը Սուրիայէն Լիբանան կը գաղթէ, ուր Իրմա կը ստանայ իր բարձրագոյն ուսումը ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի մէջ: Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսը ստանալէ ետք իր մագիստրոսական վկայականին կը տիրանայ միջազգային տնտեսութեան եւ իրաւագիտութեան, քաղաքական գիտութիւններու, հանրային օրէնսդրութեան, ինչպէս նաեւ` ֆրանսերէն գրականութեան եւ պատմութեան ճիւղերուն մէջ:
1970ականներուն տեղափոխուելով Նիւ Ճըրզի մօր ու քրոջ` Սիլվային հետ, կը շարունակէ իր ուսումը Նիւ Եորքի մէջ դրամատնային գիտութեան ասպարէզէն ներս (ABI հաստատութիւն) եւ աւելի ուշ իր տոքթորականը պատրաստելով Միջին Արեւելքի քաղաքական կեանքին մասին:
Բացի իր մասնագիտական առօրեայէն ան նուիրուեցաւ ազգային հասարակական կեանքին, տակաւին հինգ տարեկանէն սկսեալ այցելելով Դամասկոսի կարօտեալ հայ ընտանիքներուն: Դամասկոսի իր ուսման տարիներուն մաս կազմեց ՀԲԸՄ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան զանազան շարժումներուն: Նոյնպէս Պէյրութ իր բնակութեան օրերուն օգտակար եղաւ Բարեգործականին, եկեղեցիին, Վահան Թէքէեան վարժարանին եւ ՀԵԸի մշակութային կեդրոնական յանձնաժողովին:
Ամերիկա հաստատուելէ ետք, ստանձնեց աւելի պատասխանատու պաշտօններ մաս կազմելով ՌԱԿ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, ուր Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեանի հետ միասնաբար կը պատրաստեն ՌԱԿի բարեփոխեալ նոր ծրագիր-կանոնագիրը: Ան 1990ին գլխաւոր բանախօսն էր Պոստոնի ՙՊայքար՚ օրաթերթի դրամահաւաքի ձեռնարկին: Մնաց հաւատաւոր անդամը Թէքէեան Մշակութային Միութեան: 1995ին ՌԱԿի Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովին գումարուած Լառնաքայի մէջ, ընտրուեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, դառնալով առաջին կինը գերագոյն այդ մարմնին:
1986էն սկսեալ ան գործունեայ անդամն էր National Ethnic Coalition Organizationի տնօրէն խորհուրդին: Ան կը ներկայացնէր Էլլիս Այլընտի մետալին արժանացողները ամէն տարի, ուր մեծ թիւով ծանօթ հայեր եւս արժանացած են այդ շքանշանին: Իր դրամատան միջոցով օգտակար հանդիսացած է Հարլեմի երկու պետական վարժարաններուն ուսումնական մակարդակին: Կազմակերպած է Ուէսթ Փոյնթի զինուորական ակադեմիայի ամառնային յայտագիրները այց դէպի Ֆրանսա: Ան, իր ծանրաբեռնուած աշխատանքներուն կողքին խմբագիրը եղած է Նիւ Եորքի BNP դրամատան պաշտօնաթերթին:
Ծառայած է ամերիկահայ զանազան կազմակերպութիւններու տնօրէն խորհուրդներու ու կեդրոնական վարչութիւններու. ՀԲԸՄին, Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդարանին, Հայ Իրաւանց Խորհուրդին, Հաուըրտ Գարակէօզեան հիմնարկին:
Հաւատաւոր զաւակը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի իր քրոջը հետ դարձաւ բարերար անդամ Ս. Էջմիածնի:
Թաղմանական կարգը կատարուեցաւ Շաբաթ, Յունիս 4ին ժամը 10:30ին Թենըֆլայի Ս. Թովմաս եկեղեցւոյ մէջ:
Իրմային կորուստը կը սգան քոյրը` Սիլվան, զարմուհին Շողիկ Չալեան եւ ամուսինը` Տոքթ. Վաղինակ Դարբինեան եւ զարմիկը` Յովսէփ Չալեան, ինչպէս նաեւ` գաղափարի իր ընկերներն ու ընկերուհիները:
Յակոբ Վարդիվառեան
«Պայքար»