image

Իրաքեան զօրամիաւորումներ Թուրքիոյ դէմ շարժելու կոչ ըրին

Իրաքեան զօրամիաւորումներ Թուրքիոյ դէմ շարժելու կոչ ըրին

Անհրաժեշտ է իրական գործնական դիրքորոշում որդեգրել Իրաքի քաղաքական իշխանութիւններուն կողմէ` դադրեցնելու Թուրքիոյ գործողութիւնները: Թուրքերը արդիւնաւէտօրէն կը համակարգեն Իսրայէլի հետ, յատկապէս Հիւսիսային Իրաքի մէջ, եւ կը թիրախաւորեն քիւրտերը:

 

Իրաքի մէջ Հըզպալլայի փաղանգները յայտարարած են, որ «Թուրքիոյ շարունակուող յարձակումը Իրաքի դէմ ոչ միայն ինքնիշխանութեան խախտում է, այլեւ վիրաւորանք է իրաքցի ժողովուրդին համար»:

Հաղորդագրութեան մը մէջ անոնք յայտնած են. «Այս կառավարութեան եւ որոշ քաղաքական ուժերու մեղսակցութիւնն ու ենթարկուածութիւնն է, որ կը քաջալերէ ամբարտաւան թուրքը գրաւել մեր հողը, կատարել նողկալի յանցագործութիւններ անմեղներու դէմ եւ շարունակել զրկել Իրաքը Տիգրիսի եւ Եփրատի մէջ ունեցած իր ջուրէն, չպահպանելով բարիդրացիութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի սկզբունքները»:

Իրաքի մէջ կուսակցութեան փաղանգները յայտարարեցին, որ «ժողովուրդը եւ անոր իրաքեան դիմադրութիւնը լիովին պատրաստ են դիմակայելու այս յարձակման»:

Նոյն ծիրին մէջ, այլ խմբաւորումը մը ըսած է, որ «անհրաժեշտ է իրական գործնական դիրքորոշում որդեգրել Իրաքի քաղաքական իշխանութիւններուն կողմէ` դադրեցնելու Թուրքիոյ գործողութիւնները»:

Խմբաւորումը իր յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ «թուրքերը արդիւնաւէտօրէն կը համակարգեն Իսրայէլի հետ, յատկապէս Հիւսիսային Իրաքի մէջ, եւ կը թիրախաւորեն քիւրտերը», նշելով որ «Թուրքիան արդիւնաւէտօրէն կը համակարգէ իսրայէլացիներուն հետ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ծայրամասերուն մէջ, եւ նոյն համակարգումը տեղափոխած է Իրաք: Իսկ աւելի ուշ ապացուցուած է, որ թուրքերը միջամտած են ատրպէյճանցի եւ իսրայէլացի խորհրդականներու տեղափոխման եւ Իրաքը աւերելու ուղղուած անվտանգութեան աշխատանքային խումբի ձեւաւորման»:

Նշենք, որ երէկ, Քիւրտիստանի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծառայութիւնը յայտարարեց, որ թրքական ռազմական օդանաւները ռմբակոծած են Իրաքի մէջ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան շտաբը` Սինճարէն հիւսիս գտնուող Սնուն թաղամասին մէջ, պատճառելով նիւթական վնաս եւ մարդկային կորուստ:

Թուրքիան Ապրիլ 18-ին յայտարարեց Հիւսիսային Իրաքի մէջ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ օդային եւ ցամաքային ռազմական գործողութիւն սկսելու մասին` ըսելով, որ «գործողութիւնը նպատակ ունի կանխել ահաբեկչական յարձակումները եւ ապահովել սահմաններուն անվտանգութիւնը»: Ապրիլ 25-ին Անգարա յայտարարեց «Ճանկերու փակման» առաջին փուլի աւարտին մասին: