image

Իրանը նպատակ ունի մեղմացնել լարուածութիւնը. Իրանի Արտաքին Գործոց նախարար Ապպաս Արաքճի

Իրանը նպատակ ունի մեղմացնել լարուածութիւնը. Իրանի Արտաքին Գործոց նախարար Ապպաս Արաքճի

Իրան նպատակ ունի նուազեցնել լարուածութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու հետ յարաբերութեանց մէջ, սակայն հակառակ կողմէն կ'ակնկալէ պատժամիջոցներու վերացում եւ միջուկային գործարքի վերականգնում:

Այս մասին յայտարարած է Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նոր նախարար Ապպաս Արաքճի։

«Խորհրդարանի իմ ելոյթիս մէջ ես շեշտեցի, որ կարեւոր է հասնիլ պատժամիջոցներու վերացման, յատկապէս միակողմանի, լուրջ, կեդրոնացուած եւ սահմանափակ ժամանակով բանակցութիւններու միջոցով՝ յարգելով երկրի հիմնարար սկզբունքները», - ըսած է  ան։