image

Իրանը միշտ Լիբանանի կողքին. Ապտուլլահեան

Իրանը միշտ Լիբանանի կողքին. Ապտուլլահեան

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պատրաստ է համագործակցելու Լիբանանի հետ տնտեսութեան, առեւտուրի եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ։

Ըստ Լիբանանեան «Էլ Նաշրա» կայքին՝ այս մասին յայտարարած է  Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտուլլահեանը։

Պէյրութի մէջ լիբանանցի շարք մը քաղաքական ու մշակութային գործիչներու հետ հանդիպման Ամիր Ապտուլլահեանը վստահեցուցած է, որ Թեհրան կը մնայ Լիբանանի բարեկամը դժուար ժամանակներուն։

Ան ընդգծած է, որ լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւնները բաւականաչափ ատակ են՝ առանց արտաքին միջամտութեան իրենց երկրի նախագահը ընտրելու համար: