image

ԱՄՆ-ն կանգնած է մեր արժէքաւոր գործընկերոջ՝ Հայաստանի կողքին․ Մարքօ Ռուպիո

ԱՄՆ-ն կանգնած է մեր արժէքաւոր գործընկերոջ՝ Հայաստանի կողքին․ Մարքօ Ռուպիո

ԱՄՆ-ն կանգնած է մեր արժէքաւոր գործընկերոջ՝ Հայաստանի կողքին, մենք առաջ կը մղենք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ կայունութեան մեր ընդհանուր նպատակները։ Այս մասին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն։

«Թրամփի եւ Փաշինեանի կողմէ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութիւնը եւ երկկողմ փոխըմբռնման յուշագրերը ընդհանուր նպատակներն առաջ մղելու մեր ջանքերու անկիւնաքարն են։ Մինչ Հայաստանը կը շարունակէ կերտել իր ապագան որպէս խաղաղութեան եւ աճի խաչմերուկ, ԱՄՆ-ն կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ աւելի կայուն եւ բարգաւաճ տարածաշրջան ունենալու»,- նշած է ան։