Հայաստանը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի Իրանի համար, այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Միհրդատ Պազրփաշը։
«Հայաստանը կրնայ շատ առանցքային դերակատարութիւն ունենալ Հիւսիս-հարաւ միջանցքի շրջածիրէն ներս», - նշած է ան։
Պաշտօնեայի խօսքով՝ Իրանը համաձայն չէ Ատրպէյճանի կողմէ շրջանառուող «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հետ։
«Մենք դէմ ենք ատոր։ Մեր քաղաքականութիւնը կը հիմնուի Կովկասի մէջ խաղաղութեան վրայ, մենք կը դատապարտենք որեւէ տեսակի արտաքին միջամտութիւն ու կը գտնենք, որ տարածաշրջանի երկիրներն իրենք կը կարողանան լաւագոյն որոշումները կայացնել», - ընդգծած է Պազրփաշը։
Անոր խօսքով՝ Իրանը մշտապէս աջակցած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ կը շարունակէ աջակցիլ։
«Այն ենթակառուցուածքները, որ կը ստեղծուին երկու երկիրներու միջեւ, ուղղուած են կայուն խաղաղութեան», - աւելցուցած է իրանցի նախարարը։