Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին Թեհրանի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ Իրանը չի շտապեր պատասխանել Իսրայէլի հարուածներուն:
Անոր խօսքով՝ իրավիճակի ապամագլցման հարցը հանրային պահանջ է ինչպէս տարածաշրջանային, այնպէս ալ համաշխարհային մակարդակով՝ լայնամաշտապ պատերազմի առաջացման հաւանականութեան պատճառով: Իրանցի նախարարն ընդգծած է, որ միակ լուծումը Իսրայէլի յարձակողական քաղաքականութեան եւ դաժան յարձակումներու կանխումն է:
Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը ո՛չ պիտի վարանի, ո՛չ ալ պիտի շտապէ պատասխանել Իսրայէլի վերջին հարուածներուն:
«Մենք կը դատապարտենք սիոնիստական ռեժիմի յարձակումը եւ մեզի պատասխան տալու իրաւունք կը վերապահենք: Ի վերջոյ, տեղի ունեցած է ներխուժում մեր երկրի տարածք, եւ մեզի համար միանգամայն բնական է ճիշդ ժամանակին արձագանգելը», -ըսած է Արաքչին:
Իսրայէլեան յարձակումը չդատապարտելու համար Արաքչին քննադատած է եւրոպական երկիրները՝ նշելով, որ արեւմտեան երկրները յաճախ կը յիշեն միջազգային իրաւունքի մասին միայն այն ժամանակ, երբ այդ կը բխի իրենց շահերէն՝ պարբերաբար անտեսելով միւս դէպքերը եւ կիրառելով երկակի չափանիշեր: