ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանին ուղղուած հարուածները գոյութեան սպառնալիք են Հայաստանի համար։ Այս մասին «Ուժի գործօն» հաղորդաշարի եթերով NEWS.am-ի թղթակցի հետ զրոյցին ըսած է Ամերիկեան Լիհայ համալսարանի փրոֆեսոր, քաղաքագէտ՝ Արման Գրիգորեան։
Հայաստանի համար, ըստ անոր, աւելի լուրջ վտանգ չկայ։
Ան Հայաստանի անվտանգութեան համար շատ կարեւոր կը համարէ Իրանի կայունութեան եւ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու գործօնը։
«Իրանը, որը Հայաստանի հետ սահմանը կորցնելու դէպքում լուրջ խնդրի առաջ կը կանգնի, հակադրւում է Սիւնիքով անցնող միջանցքին, քանի որ դա կը փոխի տարածաշրջանում ուժերի հաւասարակշռութիւնը՝ ի վնաս Թեհրանի», - աւելցուցած է Գրիգորեանը։
Փորձագէտը կարծիքով՝ Արեւմուտքը ոչ թէ դէմ է միջանցքին, այլ միջանցքի նկատմամբ ռուսական վերահսկողութեան։
«Իրանի համաթեքսթում Միացեալ Նահանգները յայտարարած է, որ սրման դէպքում պատրաստ է աջակցել Ատպէյճանին, Իսրայէլը շատ աշխոյժ է Ատպէյճանում, ինչը մասամբ պայմանաւորուած է Թեհրանի դէմ վարած քաղաքականութեամբ», - ընդգծեց փրոֆեսորը։
Գրիգորեանի խօսքով, Թուրքիոյ մէջ նոյնպէս մտահոգութիւն կայ Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ հնարաւոր ռազմական բախման առնչութեամբ։