Այսօր Իրանի նախագահի թեկնածուներու գրանցման վերջին օրն է։ Չորս օրուան մէջ գրանցուած թեկնածուներու ընդհանուր թիւը հասած է 37-ի՝ յայտնած են իրանեան լրատուամիջոցները։
Թեկնածուներու շարքին են նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատը, խորհրդարանի նախկին նախագահ Ալի Լարիճանին, Թեհրանի քաղաքապետ Ալիռեզա Զաքանին։
Թեկնածուներու գրանցումէն ետք Իրանի Սահմանադրութեան պահապաններու խորհուրդը 5 օրուան ընթացքին պիտի ստուգէ թեկնածուներու իրաւասութիւնը եւ պիտի հաստատէ ընտրութեան մասնակցելու յայտը։