image

Իրանի մէջ ընթացք առած է նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածուներու գրանցումը

Իրանի մէջ  ընթացք առած է նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածուներու գրանցումը

Իրանի մէջ հինգշաբթի սկսած է հնգօրեայ գրանցման շրջան անոնց համար, որոնք մտադիր են թեկնածութիւն առաջադրել յունիս 28-ին նշանակուած նախագահական ընտրութիւններուն, հաղորդած է ISNA գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Իրանի Ներքին գործոց նախարար Ահմատ Վահիտին։

Թեկնածուներու գրանցումը պիտի աւարտի յունիս 3-ին։ Յունիս 4-էն յունիս 10-ը Իրանի Սահմանադրութեան պահապաններու խորհուրդը պիտի ուսումնասիրէ իւրաքանչիւր գրանցուողի համապատասխանութիւնն անհրաժեշտ պահանջներուն:

Մասնաւորապէս, քուէարկելու համար կրնան գրանցուիլ 40-էն 75 տարեկան մարդիկ, որոնք ունին առնուազն մագիստրոսի կոչում։ Խորհուրդի կողմէ դիմումներու քննարկումէն ետք, Իրանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յունիս 11-ին պիտի յայտարարէ հաստատուած թեկնածուները, որուն պիտի յաջորդէ նախընտրական քարոզարշաւը, որ, իր հերթին, պիտի տեւէ մինչեւ յունիս 26-ը:

Իրանի մէջ արտահերթ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յունիս 28-ին։

Նշենք, որ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին զոհուած է ուղղաթիռի կործանման աղէտի հետեւանքով, որմէ ետք յայտարարուած է նոր ընտրութիւններ կայացնելու որոշման մասին: