image

Իրանի խորհրդարանի նախկին նախագահ Ալի Լարիճանին պիտի մասնակցի նախագահական ընտրութիւններուն

Իրանի խորհրդարանի նախկին նախագահ Ալի Լարիճանին պիտի մասնակցի նախագահական ընտրութիւններուն

Իրանի խորհրդարանի նախկին ղեկավար Ալի Լարիճանին, որ Իրանի ամենայայտնի քաղաքական գործիչներէն է, գրանցած է իր թեկնածութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար: Տեղեկութիւնը յայտնած է ISNA գործակալութիւնը։

Նշուած է, որ Լարիճանին դարձած է վեցերորդ գրանցուած թեկնածուն. մէկ օր առաջ գրանցուած են ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի մէջ Իրանի գերագոյն առաջնորդի ներկայացուցիչ Սայիտ Ճալիլին, դեմոկրատական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Մոսթաֆա Քավաքեպիանը, Անկախութեան եւ հաւասարութեան կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Կոտրաթալի Հեշմաթիանը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի անդամներ Մոհամատռեզա Սապաղիանը եւ Ապպաս Մոկթատային:

Լարիճանին Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամէնէիի խորհրդականն է եւ քաղաքական նպատակայարմարութեան որոշման խորհուրդի իսկական անդամ:

Ան եղած է խորհրդարանի ներկայացուցիչ եւ ղեկավար, Իրանի պետական հեռուստառատիոընկերութեան ղեկավար, մշակոյթի եւ իսլամական կողմնորոշման նախարար։

Յիշեցնենք, որ Իրանի մէջ արտահերթ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յունիս 28-ին։

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին զոհուած է ուղղաթիռի կործանման աղէտի հետեւանքով, որմէ ետք յայտարարուած է նոր ընտրութիւններ կայացնելու որոշման մասին: