image

Իրանի խորհրդարանի խօսնակին այցը նախատեսուած էր. Ալեն Սիմոնեան

Իրանի խորհրդարանի խօսնակին այցը նախատեսուած էր. Ալեն Սիմոնեան

ՀՀ ԱԺ նախագահը Հայաստան հրաւիրած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի խօսնակ Մոհամետ Պաղեր Ղալիֆապը դեռ յունիս ամսուն՝ Իրան կատարած այցի ընթացքին, հրաւէրը ընդունուած է խօսնակի կողմէ։ Այս մասին Tert.am-ին ըսած է ԱԺ նախագահի մամուլի խօսնակ Ծովինար Խաչատրեան։

«Ժամկէտների եւ այլնի մասին այս պահին որեւէ բան ասել չենք կարող»,- ըսած է Խաչատրեան։

Նշենք, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ տեղեկութիւններ տարածուած են այն մասին, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի խօսնակ Մոհամետ Պաղեր Ղալիֆապին չեղարկած է Ատրպէյճան այցը եւ պիտի գայ Հայաստան։

Այս մասին ԱԺ նախագահի մամուլի խօսնակը նշած՝ որեւէ տեղեկութիւն չկայ։