image
Հրատապ լուրեր:

Իրանէն զգուշացում՝ Իսրայէլին

Իրանէն զգուշացում՝ Իսրայէլին

Իրանն իրեն իրաւունք կը վերապահէ Իսրայէլի պետական ահաբեկչութեան պատասխանել ճիշդ ժամանակին եւ ճիշդ վայրին մէջ, յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանաանին։ Այս մասին գրած է ԻՌՆԱ գործակալութիւնը:

Քանանին այս մասին ըսած է՝ ի պատասխան Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի օդուժի հարուածներու ժամանակ իրանցի ռազմական խորհրդականներու զոհուելուն։ Ան իր ցաւակցութիւնը յայտնած է ուրբաթ Դամասկոսի որոշ հատուածներու վրայ Իսրայէլի յարձակման հետեւանքով իրանցի երկու ռազմական խորհրդականի զոհուելու կապակցութեամբ։

«Շարունակելով իր յարձակումը ընդդէմ Սուրիոյ՝ սիոնիստական ռեժիմը կը խախտէ այդ երկրի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային նորմերը եւ օրէնքները», -ըսած է Քանաանին՝ բնութագրելով յարձակումները որպէս ահաբեկչութեան շարունակմանն ուղղուած յարձակումներ։

«Ի լրումն նման յարձակողական եւ յանցաւոր արարքներու քաղաքական եւ իրաւական հետապնդման, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը իրեն իրաւունք կը վերապահէ պատասխանել Իսրայէլի կեղծ ռեժիմի պետական ահաբեկչութեան ճիշդ  ժամանակին եւ ճիշդ վայրին մէջ»,- ընդգծած է ան։