image

Էրտողանէն նախազգուշացում՝ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ

Էրտողանէն նախազգուշացում՝  Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմը, ըստ երեւոյթին, հասած է այնպիսի մակարդակի, որ կը սպառնայ Սեւ ծովուն մէջ նաւարկութեան անվտանգութեան: Ուրբաթ մեր բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ առեւտրային նաւերու վրայ յարձակումը կ՚ահազանգէ տագնապալի սրման մասին: Ըստ տեղական լրատուամիջոցներու՝ այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը:

«Մենք չենք կրնար հանդուրժել այս յարձակումները, որոնք կը սպառնան նաւարկութեան անվտանգութեան, մարդոց կեանքին եւ շրջակայ միջավայրին մեր բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ: Մենք բոլոր կողմերուն անհրաժեշտ նախազգուշացումներ կու տանք նման իրավիճակներու վերաբերեալ: Մենք միաժամանակ ուշադիր կը հետեւինք պատերազմի աւարտին ուղղուած վերջին զարգացումներուն եւ յայտնած որեւէ հնարաւորութեան պարագային անհրաժեշտ ներդրում կատարելու մեր պատրաստակամութեան մասին»,- նշած է ան: