image

Իրանեան ընկերութիւն մը կամուրջ կառուցած է աղէտի ենթարկուած Ալավերտիի մէջ

Իրանեան ընկերութիւն մը կամուրջ կառուցած է աղէտի ենթարկուած Ալավերտիի մէջ

Իրանական ընկերութիւնը կամուրջ կառուցած է մայիսին հեղեղումէն տուժած Լոռի մարզին մէջ։ Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսաւ Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի:

Ան նշեց, որ 6 սեպտեմբերին, ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարին հետ կը մասնակցի կամուրջի բացման:

«Սա մեր համագործակցութեան գեղեցիկ արդիւնքներէն մէկն է» - ըսաւ Սոպհանի:

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութենէն (ՏԿԵՆ) յայտնեցին, որ կամուրջը կառուցուած է Ալավերտի քաղաքի Սանահին կայարան թաղամասին մէջ։

Յիշեցնենք, որ 26 մայիսի տեղատարափ անձրեւներէն յետոյ Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու Դեբեդ, Աղստեւ եւ Տաշիր գետերու վարարման հետեւանքով 4 մարդ մահացած էր։