image

Իրանցիներու հոծ բազմութիւնը վերջին հրաժեշտ տուաւ նախագահ Ռայիսիին եւ անոր ընկերակիցներուն

Իրանցիներու հոծ բազմութիւնը վերջին հրաժեշտ տուաւ նախագահ  Ռայիսիին   եւ անոր ընկերակիցներուն

Իրանեան Թաւրիզ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է ուղղաթիռի վթարի հետեւանքով Իրանի զոհուած նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիին, արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանին եւ միւս զոհերուն հրաժեշտի արարողութիւնը։ Այս մասին յայտնած է IRNA գործակալութիւնը։

Սգոյ արարողութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ Ղումի եւ Թեհրանի մէջ։ Այնուհետեւ Ռայիսիի մարմինը տեղափոխած են հայրենի Մաշհատ քաղաք, ուր մայիս 23-ին տեղի պիտի ունենայ յուղարկաւորութիւնը։

Յիշեցնենք՝ Իրանի նախագահական ուղղաթիռը մայիս 19-ին, կոշտ վայրէջք կատարած է Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգին մէջ, որու հետեւանքով ուղղաթիռի անձնակազմն ու բոլոր ուղեւորները, այդ շարքին երկրի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին ու Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը զոհուած են։