Իրանի զինուած ուժերու ցամաքային զօրքերը զօրավարժութիւններ պիտի սկսին երկրի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ: Այս մասին յայտնած է Իրանի ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Քումերս Հեյտարը:
Անոր խօսքով՝ զօրավարժութիւններուն ընթացքին պիտի օգտագործուին Իրանի զինուած ուժերու անօդաչու թռչող սարքեր, ուղղաթիռներ եւ զրահամեքենաներ:
Նախօրէին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Անատոլու»-ին տուած հարցազրույցին մէջ մեկնաբանած էր Իրանի զօրավարժութիւնները Ատրպէյճանի հետ սահմանին` զանոնք «անսպասելի իրադարձութիւն» անուանելով: