image

Իրան կը սպառնայ վրէժ լուծել ԱՄՆ-էն…

Իրան կը սպառնայ վրէժ լուծել ԱՄՆ-էն…

Իրանը Միացեալ Նահանգներուն կը սպառնայ վրէժ լուծել այն պարագային, եթէ անպատիժ մնան զօրավար Քասէմ Սիւլէյմանիի սպանութիւնը կազմակերպած մարդիկ:

Թեհրանը 2020 թուականի Յունուար 3-ին Պաղտատի օդակայանի տարածքին մէջ Սիւլէյմանիի ինքնաշարժը անօդաչուէ սարքէ արձակուած հրթիռով ոչնչացնելու գործողութիւնը անուանած է «յանցաւոր արարք»:

Երէկ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին Թեհրանի մէջ Իմամ Խոմէյնի Մոսալլայի մզկիթին մէջ ելոյթ ունեցած է Սիւլէյմանիի սպանուեյան երկրորդ տարելիցին առիթով եւ սպառնացած է վրէժ լուծել Միացեալ Նահանգներէն, «եթէ այդ կազմակերպիչները դատական պատասխանատուութեան չենթարկուին»:

Ռայիսիի փոխանցմամբ՝ «պատասխանատուներն են Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահը եւ նախկին պետական քարտուղարը»:

«Եթէ Տոնալտ Թրամփը եւ Մայք Փոմփէօն դատարանի առջեւ կանգնին եւ պատժուին, ամէն ինչ բարեյաջող կ'ըլլայ, բայց եթէ այդպէս չեղաւ, ապա ես կ'ուզեմ, որ իւրաքանչիւր ամերիկացի իմանայ՝ երդում կ'ընեմ, մենք վրէժ պիտի լուծենք, անոր մէջ կասկած չկայ», ըսած է Ռայիսին: