Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի հրամանատար, զօրավար-մայոր Հոսէյն Սալամի յայտարարած է, որ իսրայէլեան ուժերը գրոհած են իրանական 14 նաւ, որպէսզի խոչընդոտեն նաւթի արտահանումը, ինչ որ յանգեցուցած է Իրանի պատասխան գործողութիւններուն, որ գրոհած է եւ գրաւած 12 իսրայէլեան նաւ՝ փաստօրէն դադրեցնելով հետագայ ռազմածովային առճակատումը, յայտնած է Tasnim։
«Երբ մենք հարուած հասցուցինք հինգերորդ իսրայէլեան նաւուն, անոնք ձեռքերը վեր բարձրացուցին (ի նշան յանձնուելու) եւ համաձայնեցան դադրեցնել ռազմածովային դիմակայութիւնը: Անոնք գրոհած են մեր 14 նաւը, որպէսզի խանգարեն նաւթի արտահանումը։ Սկիզբը մենք չէինք գիտեր, թէ ով կանգնած է անոր ետեւը, որովհետեւ կատարուած էր գաղտնի, բայց ի վերջոյ մենք պարզեցինք այդ՝ սիոնիստական վարչակարգը։ Մենք գրոհեցինք անոնց 12 նաւը, եւ երբ մեր ձեռքը յայտնուեցաւ հինգերորդը, անոնք ձեռքերը վեր բարձրացուցին (ի նշան յանձնուելու) եւ յայտարարեցին ծովային դիմակայութիւնն աւարտած»,- ըսած է զօրավար-մայոր Սալամի «Հաթամալ-Անպիա» կեդրոնատեղիին մէջ։
Անոր խօսքով՝ բրիտանական ուժերը գրաւած էին իրանական նաւը Ճիպրալթարի մէջ, իսկ Թեհրան փոխարէնը գրաւած էր Stena Impero նաւը՝ ստիպելով, որ անոնք յանձնուին։