Իրան դատական հայց պիտի ներկայացնէ Իսրայէլի դէմ

Իրան դատական հայց  պիտի ներկայացնէ  Իսրայէլի դէմ

Իրան կը նախատեսէ ընդդէմ Իսրայէլի հայց ներկայացնել ՄԱԿ-ի Միջազգային քրէական դատարան Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի գործողութիւններու պատճառով։ Ինչպէս գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ յղում ընելով Fars գործակալութեան, այս մասին յայտարարած Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանաանին։

«Բազմաթիւ իրաւաբաններու եւ միջազգային փորձագէտներու կարծիքով՝ իսրայէլեան ռեժիմը ռազմական յանցագործութիւններ իրագործած է, ներառեալ՝ շարք մը ռազմական յանցագործութիւններ Կազայի մէջ: Կան բաւարար ապացոյցներ: Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ուղղուած իր առաջարկի շրջածիրէն ներս Իրանը կոչ ըրած է ստեղծելու յանձնաժողով, որ կը կազմէ այս փաստաթուղթերը միջազգային դատարաններուն, այդ շարքին նաեւ այս դատարանին ներկայացնելու համար։ Մենք յուսով ենք, որ Միջազգային քրէական դատարանն իր առաքելութեան շրջածիրէն ներս կ՚ապացուցէ, որ կը գործէ անաչառ ու արդարացի, եւ միջոցներ կը ձեռնարկէ ռազմական յանցագործներու նկատմամբ դատավարութիւններ իրականացնելու համար», -ըսած է Քանաանին։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչն ընդգծած է, որ երկրի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը վերջերս Ժընեւ կատարած իր այցի ժամանակ բարձրացուցած է այդ հարցը ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման, ինչպէս նաեւ ընդգծած, որ Իրանն ուշադիր պիտի հետեւի այդ հարցին: