image

Ինչո՞ւ Ռուսիան դուրս բերաւ իր զօրքերը՝ Ղարաբաղէն. Դիտարկում ամերիկացի փորձագէտէն

Ինչո՞ւ Ռուսիան դուրս բերաւ իր զօրքերը՝ Ղարաբաղէն. Դիտարկում ամերիկացի փորձագէտէն

Ռուս խաղաղապահներու դուրս ելլելը Լեռնային Ղարաբաղէն Ատրպէյճան կ'ընկալէ որպէս Հայաստանի վրայ ճնշումներու համար որեւէ խոչընդոտի բացակայութիւն, ներառեալ՝ ռազմական ճնշումը։ Այս մասին «Ուժի գործօն» հաղորդաշարի եթերով NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է ամերիկեան Stratfor (RANE) հետախուզական եւ վերլուծական կեդրոնի վերլուծաբան Մեթիւ Օրր։

«Բայց ինչո՞ւ Ռուսիան պէտք էր համաձայնիլ։

Առաջին պատճառը կը վերաբերի միջոցներուն: Այո, անոք փոքր ռազմական միջոցներ են, բայց դեռ պէտք են այլ վայրերու մէջ, ինչպէս հիւսիսի եւ ուքրանական ճակատին վրայ։

Երկրորդ, աւելի կարեւոր պատճառն է Ռուսիոյ համար՝ ցոյց տալ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր ռազմավարութեան ծիրէն ներս պատրաստ է հնարաւորինս ցոյց տալ, թէ որքան կը վստահի ատրպէյճանցիներուն եւ, թէ որքան սերտ են անոնց յարաբերութիւնները։ Սա ազդանշան էր Ռուսիայէն՝ ուղղուած Հայաստանին։

Ռուսիոյ նախկին ռազմավարութիւնն ամբողջութեամբ ձախողեցաւ, երբ 2020 թուականի փաստաթուղթը չիրագործուեցաւ։ Անկէ յետոյ Մոսկուան ստիպուած եղաւ, որ ամբողջութեամբ փոխէ իր ռազմավարութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, որ ամբողջութեամբ դրուած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ սերտ յարաբերութիւններու վրայ»,- նշած է փորձագէտը։

Օրր շատ մեծ տեղաշարժեր չի տեսներ դէպի այն, որ հայերը սկսին զանգուածաբար Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալ, ուստի այս հարցը, անոր կարծիքով, գործնականօրէն փակուած է։ Փորձագէտին գնահատմամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղը հայերուն համար պաշտպանութեան յատուկ մեքենականութիւններ չ'ունենար, եթէ անոնք ցանկանան վերադառնալ։