Որեւէ երկիր, որ կը թիրախաւորէ Եմէնը, կ'ոտնահարէ անոր ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը եւ կը բռնագրաւէ անոր կղզիները, զերծ պիտի չըլլայ թիրախաւորումէ, ոչ ալ ապահով պիտի ըլլայ:
Եմէնի զինուած ուժերու խօսնակ Եահիա Սարիհ թուիթըրեան իր էջով պատմած է «Եմէնի փոթորիկ» գործողութեան ժամանակ օգտագործուած հրթիռներուն մասին։
Եմէնի զինուած ուժերու խօսնակը բացայայտած է, որ «Եմէնի փոթորիկ» գործողութեան մեջ կիրառուած հրթիռները եղած են «Քուտս 2» տիպի հրթիռները՝ նշելով, որ Մուսաֆահի նաւթավերամշակման գործարանը եւ Ապու Տապիի օդակայանը թիրախաւորուած են այս տիպի 4 հրթիռներով։
Ան նաեւ թուիթըրով նշած է, որ «Զուլֆիքար» պալիստիկ հրթիռը թիրախաւորած է Տուպայի օդակայանը։
Սարիհի խօսքով՝ «Sumad 3» անօդաչու թռչող սարքերը, բացի նախկին թիրախներէն, խոցած են զգայուն եւ կարեւոր թիրախներ։
Ան պարզաբանած է որակական գործողութեան նախապատմութիւնը, որ այսօր թիրախաւորած է էմիրաթական խորութիւնը։
«Մենք իրականացուցած ենք «Եմէնի փոթորիկ» որակական ռազմական գործողութիւնը՝ ի պատասխան երկրին դէմ յարձակման սրման», կ'ըսուի Սարիհի յայտարարութեան մէջ։
Ան յաւելած է, որ «գործողութեան թիրախ դարձած են Տուպայի եւ Ապու Տապիի օդակայանները, Ապու Տապիի Մուսաֆահի նաւթավերամշակման գործարանը եւ շարք մը կառոյցներ»:
Այս ծիրէն ներս, Եմէնի Համատեղ հանդիպման կուսակցութիւնները ԱՄԷ-ին խոստացած են, որ «այս վերջին գործողութիւնը պիտի չըլլայ, եթէ յարձակումը շարունակուի»։ «Գործընթացը, որ կատարուած է ԱՄԷ պետութեան խորքերուն մէջ, կը հաստատէ, որ որեւէ երկիր, որ կը թիրախաւորէ Եմէնը, կ'ոտնահարէ անոր ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը եւ կը բռնագրաւէ անոր կղզիները, զերծ պիտի չըլլայ թիրախաւորումէ, ոչ ալ ապահով պիտի ըլլայ», նշեցին կուսակցութիւնները: