Իրանի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու հեղինակները Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլն են։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն առաջնորդ այաթոլլահ Սէյիտ Ալի Խամէնիյին, հաղորդած է Press TV-ին։
«Ես յստակ կ'ըսեմ, որ այդ իրադարձութիւնները ծրագրած են Ամերիկան, սիոնիստական ռեժիմը եւ անոնց կամակատարները։ Անոնց հիմնական խնդիրը զօրաւոր եւ անկախ Իրանն է եւ երկրի առաջընթացը»,-ըսած է ան։
Բողոքի ցոյցեր եղած են 22-ամեայ իրանցի Մահսա Ամինիի մահուան կապակցութեամբ, որ 16 սեպտեմբերին յայտնուած էր ոստիկանական բաժանմունք, որմէ ետք հիւանդանոցին մէջ մահացած է։ Բողոքի ցոյցերը շուտով վերածուած են անկարգութիւններու ամբողջ երկրին մէջ։
«Եթէ երիտասարդ աղջկայ մահը չըլլար, անոնք այլ պատրուակ պիտի գտնէին անկայունութիւն եւ անկարգութիւններ հրահրելու համար»,-աւելցուցած է Խամէնիյին։
Ան նշած է, որ անկարգութիւններ սկսած են ամբողջ աշխարի մէջ, ներառեալ Եւրոպայի։ Մասնաւորապէս, Ֆրանսայի եւ Փարիզի մէջ ժամանակ առ ժամանակ անկարգութիւններ տեղի կ'ունենան։
Խամէնիյին ընդգծած է, որ Ամինիի մահուան կապակցութեամբ ամերիկացիներու յայտնած ափսոսանքը կեղծաւորութիւն էր։ «Անոնք երջանիկ են, քանի որ անկարգութիւն առաջացնելու պատրուակ գտած են»,-աւելցուցած է ան։