image

ՀՅԴ խիստ քննադատութեան ենթարկեց իշխանութիւնները

ՀՅԴ խիստ քննադատութեան ենթարկեց իշխանութիւնները

Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, որուն ընթացքին ՀՅԴ ներկայացուցիչները խիստ քննադատութեան ենթարկեցին Հայաստանի իշխանութիւններու վարած ներքին, արտաքին եւ տնտեսական քաղաքականութիւնը:

Հանրահաւաքի կարգախօսն էր՝ «Զարգանալու ենք չզիջելով, լրջացէ´ք»:

Հանրահաւաքի մեկնարկին ելոյթ ունեցած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանը:  Ան կրկնած է երկու օր առաջ ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի տարածած յայտարարութեան դրոյթները, նշելով, որ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը գնահատէ «տագնապեցնող» եւ նշած, որ «սխալ ճանապարհով ճիշդ հանգրուանի չենք հասնիր»։ Ան նաեւ քննադատած է անցումային արդարադատութեան անցնելու մասին իշխանութիւններու յայտարարութիւնները:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանը իր ելոյթին մէջ յայտարարած է, որ իրենց հանրահաւաքի նպատակն է ահազանգ հնչեցնել երկրի իշխանութիւններուն, որ «այսպէս շարունակել կարելի չէ»։

«Իշխանութիւնների վարած քաղաքականութիւնը ոչ միայն համահունչ չէ երկրի դիմագրաւած մարտահրաւէրներին եւ ժողովրդի սպասելիքներին, այլեւ կ'ուտակում է նոր վտանգներ եւ կուտակում է նոր խնդիրներ», -յայտարարած է Ռուստամեանը։ -«Սա մի սպառնալիք է, որ այս ինքնագոհ եւ ինքնահաւան իշխանութիւնը չի զգում չի պատրաստւում դրա դէմն առնել։ Դրա համար եկել ենք ասելու՝ լրջացէք, դուրս եկէք ձեր այս ինքնասիրահարուած ու էյֆորիք վիճակից», -աւելցուցած է ան։