image

ՀՅԴ երիտասարդները ԱՄՆ–ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց բողոքի ցոյց իրականացուցած են

ՀՅԴ երիտասարդները ԱՄՆ–ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց բողոքի ցոյց իրականացուցած են

ԱՄՆ-ի մէջ ՀՅԴ երիտասարդները բողոքի ցոյց իրականացուցած են Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան մօտ։

Անոնք պահանջած են պատասխանատւութեան ենթարկել Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի մէջ հայերու զանգուածային ջարդերու մեղաւորները։

Ցոյցի ընթացքին ՀՅԴ երիտասարդները փակած են նաեւ Ատրպէյճանի դեսպանատան փողոցը, որպէսզի կանգնեցնեն, այսպէս կոչուած, «Խոճալուի ցեղասպանութեան» մասին իրազեկման ցոյց իրականացնող եւ գովազդային վահանակներով փողոցները շրջող ինքնաշարժը: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգմաւոր Քրիստինէ Վարդանեան։

Ցուցարարները փողոց իջած են «Նախագահ Պայտըն, դադրեցուր Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնն Ատրպէյճանին», «Արցախն ուժեղ է», «Նախագահ Պայտըն, կանգնեցուր հայկական երկրորդ ցեղասպանութիւնը» գրութիւններով պաստառներով։

ՀՅԴ երիտասարդները Ատրպէյճանէն պահանջած են նաեւ անյապաղ ապաշրջափակել աւելի քան 78-օր մարդասիրական ճգնաժամի մէջ գտնուող Արցախը։

Յիշեցնենք, որ 1988-ի 26-29 փետրուարին, Պաքուէն 20 քիլոմեթր հեռավորութեան վրայ գտնուող Սումկայիթ քաղաքին մէջ ատրպէյճանական իշխանութիւնները սկսան տեղւոյն հայ բնակչութեան բնաջնջումը, որ ուղեկցուած էր հայերու ունեցուածքի զանգուածային թալանով եւ ոչնչացմամբ:

Պաշտօնական տուեալներով՝ զոհ գացած է 26 հայ, ոչ պաշտօնական տուեալներով՝ զոհերու թիւը քանի մը հարիւր է։