Հոլանտայի Ասեն քաղաքին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչները հայհոյանքներով եւ «Նիկոլ դաւաճան», «մարդասպան» եւ «հողատու» վանկարկումներ դիմաւորած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ երկօրեայ պաշտօնական այցով կը գտնուի Հոլանտա:
Յիշեցնենք, որ Խրոնինկենի միջազգային օդակայանին մէջ վարչապետը դիմաւորած էին Տրենթէ նահանգին մէջ Հոլանտայի թագաւորի յանձնակատար Եթա Քլայնմսման, Ասենի քաղաքապետ Մարքօ Աութը, Թինարլոյի քաղաքապետ Մարսէլ Թայսենը, Հոլանտայի Թագաւորութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան արարողակարգի ղեկավար Տոմինիք Քրուլինկը:
Վարչապետ Փաշինեան Տրենցի թանգարանին մէջ ներկայ պիտի գտնուի «Արարատի ստուերի ներքոյ. Հին Հայաստանի գանձերը» ցուցադրութեան պաշտօնական բացման արարողութեան: