Այս առաւօտ կրակոց գրանցուած է Ռուսաստանի Պերմ քաղաքին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Ինթէրֆաքս» գործակալութիւնէն։
Մանրամասնութիւններուն մէջ անծանօթ անձ մը մուտք գործած է Պերմ քաղաքի համալսարանը եւ կրակ բացած ուսանողներուն ուղղութեամբ։
Կրակոցներուն պատճառով զոհուած են չորս անձեր եւ կան տասնեակ վիրաւորներ։
Աւելի ուշ շրջանի ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ կարողացած են վնասազերծել յանցագործը։
Կը կատարուի հետաքննութիւն։