image

Հնդկաստանը ռազմական կցորդ պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ

Հնդկաստանը ռազմական կցորդ պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ

Հնդկաստանը, ի թիւս այլ երկիրներու, ռազմական կցորդ պիտի նշանակէ Հայաստանի մէջ, գրած է հնդկական The Print պարբերականը։

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ առաջին անգամ Հնդկաստանը ռազմական կցորդներ պիտի տեղակայէ կարգ մը երկիրներու մէջ, այդ շարքին՝ Եթովպիայի, Մոզամպիքի, Փղոսկրի Ափին, Ֆիլիփիններու, Հայաստանի եւ Լեհաստանի մէջ, որ «համահունչ է կարեւոր տարածաշրջաններու հետ ռազմավարական կապերն ընդլայնելու Նիւ Տելհիի քաղաքականութեան»։

Հնդկաստանի բանակի, ռազմածովային եւ ռազմաօդային ուժերու ընդհանուր առմամբ 16 պաշտպանական կցորդներ շուտով պիտի ստանձնեն իրենց նոր պաշտօնները։

Ըստ պարբերականի՝ Հայաստանի մէջ կցորդ նշանակելու որոշում կայացուած է, քանի որ Երեւանը մեծ շահագրգռվածութիւն կը ցուցաբերէ Հնդկաստանի հետ պաշտպանական գործընկերութիւնը ընդլայնելու հարցով։

Շուրջ մէկ տարի առաջ՝ 2023-ի մայիսին, Հայաստանը ռազմական կցորդ նշանակած էր Հնդկաստանի մէջ։