image

Հնդկաստանը կատարելագործած է Հայաստան մատակարարուած հրետանային համակարգերը

Հնդկաստանը կատարելագործած է Հայաստան մատակարարուած հրետանային համակարգերը

Հայաստանի կողմէ վերջերս ձեռք բերուած հնդկական արտադրութեան 155 մմ/52 հրետանային համակարգերը (ATAGS) արդիականացուած են սպառազինութիւն արտադրող հնդկական «Bharat Forge»-ի կողմէ՝ օգտագործման յարմարաւէտութեան համար:

Այս մասին յայտնած է «Indian Defense Research Wing»-ը` յղում ընելով ընկերութեան տնօրէն Պապա Քալիանիին:

Հրետանային համալիրներու մէջ տեղադրուած են պարզեցուած ինթըրֆէյսով պալիսթիք համակարգիչներ, որոնք կը նուազեցնեն հրետանային հաշուարկներու սխալելու հաւանականութիւնը:

Այն թոյլ կու տայ աւելի ճշգրիտ նշանառութիւն կատարել։