image

Հնդկաստանը Հայաստանին howitzer-ներ պիտի մատակարարէ. ԶԼՄ–ները յայտնած են պայմանագրի արժէքը

Հնդկաստանը Հայաստանին howitzer-ներ պիտի մատակարարէ. ԶԼՄ–ները յայտնած են պայմանագրի արժէքը

Հնդկաստանը Հայաստանին սեփական արտադրութեան 155 միլիմեթրանոց ATAGS howitzer տիպի ռմբարձակներ պիտի մատակարարէ։ Այս մասին գրած են հնդկական ԶԼՄ–ները։

The Hindu պարբերականի տեղեկութեան համաձայն` պատուէրը ստացած է Kalyani Strategic Systems Ltd մասնաւոր ընկերութիւնը, որ Bharat Forge Ltd ընկերութեան դուստր ձեռնարկութիւնն է։

Պարբերականը Kalyani Strategic Systems Ltd մամուլի ծառայութեան յղում ընելով նշած է, որ howitzer-ի մատակարարումը պիտի իրականացուի Հնդկաստանի «Atmanirbhar Bharat» պետական ծրագրի ծիրէն ներս` համաձայն Հնդկաստանի՝ սեփական արտադրութեան առաջադէմ ռազմական հարթակներու արտահանումը խթանելու ձգտման:

Թերթը չէ նշած գնորդ երկրի անունը, սակայն Business Standart–ի տեղեկութիւններով, խօսքը Հայաստանի մասին է։

Նշուած է, որ սա Հնդկաստանի պատմութեան մէջ այս հրետանային համակարգերու արտահանման առաջին դէպքն է։ Պայմանագրի գումարը կը կազմէ 150 մլն տոլար, գործարքը պիտի իրականացուի երեք տարուան ընթացքին:

Ընկերութենէն պարզաբանած են նաեւ, որ ATAGS-ը 48 քմ խոցման հեռահարութիւն ունի։

Ի դէպ, սա երկու երկիրներու միջեւ պաշտպանական ոլորտի մէջ առաջին գործարքը չէ։ Աւելի վաղ հնդկական Solar Group ընկերութիւնը յայտնած էր Pinaka համազարկային կրակի համակարգերու գնման համաձայնագիր ստորագրելու մասին։ Ի դէպ, այս համակարգերու առաջին գնորդը եւս պիտի ըլլայ Հայաստանը։