image

Հնդկաստանի Սրինակար քաղաքին մէջ պայթումներ լսուած են. Reuters

Հնդկաստանի Սրինակար քաղաքին մէջ պայթումներ լսուած են. Reuters

Հնդկաստանի Քաշմիրի Սրինակար քաղաքին մէջ երկու ուժեղ պայթում լսուած է քաղաքի օդակայանի եւ բանակի շտապի մօտ: Այս մասին յայտնած է Reuters՝ յղում ընելով պաշտօնեայի ու ականատեսներու:

Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ մարտերը կը շարունակուին: Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ լարուածութիւնը սրուած է 22 ապրիլին Հնդկաստանի Ճամմու եւ Քաշմիր նահանգի Փահալկամ քաղաքի մօտակայքը տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումէն յետոյ: Յարձակման հետեւանքով զոհուած է 25 հնդիկ եւ մէկ նեփալցի: 

Նիւ Տելհին յայտարարած է, որ ունի ապացոյցներ, որ Փաքիստանի միջգերատեսչական հետախուզութիւնը ներգրաւուած եղած է յարձակման մէջ: